Եկեղեցի-պետութիւն
Յարաբերութիւններ եւ նոր աղանդաւորականներ
Մուտք
Եկեղեցական (հոգեւոր) եւ քաղաքական (աշխարհիկ) իշխանութեանց փոխյարաբերութիւնները իրենց պատմական ուրոյն հոլովոյթը ունեցած են տարբեր ժողովուրդներու մօտ եւ տարբեր երկիրներու մէջ: Այդ յարաբերութիւններու բնոյթն ու տարազները սերտօրէն առնչուած եղած են տուեալ երկրի մը ընկերային-քաղաքական ու տնտեսական-մշակութային կեանքին, եւ հետեւած՝ այդ կեանքի զարգացման հոլովոյթին: Այլ խօսքով, Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութեանց նիւթը ընդհանուր, բացարձակ, լոկ տեսական ու վերացական նիւթ մը չէ, այլ՝ մասնաւոր, յարաբերական, գործնական ու շօշափելի նիւթ մը, որուն ուսումնասիրութիւնն ու վերլուծումը կատարելու համար, անհրաժեշտ է ճշտել քննութեան առարկայ ըլլալիք երկիրը կամ երկիրները: Հետեւաբար, տարբեր երկիրներու պատմական փորձին շուրջ թռուցիկ ակնարկ մը նետելէ վերջ, պիտի ծանրանանք Հայաստանի Գ. հանրապետութեան վրայ:
Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութեանց հարց գոյութիւն չէ ունեցած աստուածպետական (theocratique) համակարգով կառավարուող երկիրներուն մէջ, քանի որ աստուածպետական կարգին մէջ, իշխանութիւնը կ’ըլլայ միանձնեայ եւ միապետը աստուածային ծագում ունեցած ըլլալ յաւակնելով, իր անձին մէջ կը միաձուլէ քաղաքական եւ եկեղեցական զոյգ իշխանութիւնները: Բիւզանդիոնի Կայսրը, Արաբ-իսլամ Խալիֆան, Օսմանեան Սուլթանը եւ Հռովմէագերմանական կայսրութեան Սուրբ-Կայսրը՝ Շառլըմանեը, իրենց անձին մէջ, երկու իշխանութիւնները միաձուլուած են Հռոմի Եկեղեցիի քահանայապետին անձին մէջ:
Աւատապետական հասարակարգերուն մէջ, ընդհանրապէս, եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութիւնները գործընկերներ (Partenariat) եղած են, եւ միասնաբար պաշտպանած են տիրող աւատապետական դասակարգին շահերը, մերթ քաղաքական եւ մերթ ալ եկեղեցական իշխանութեան յարաբերական ու փաստական գերակայութեան հաստատումով: Զոյգ իշխանութեանց գործընկերութեան այս դաշինքը մերթ կոչուած է կայսերապապական համակարգ (Regime Cesaropapiste), որուն ներքեւ կը համագործակցին Աւատապետական դասակարգին երկու՝ աշխարհական եւ կղերական թեւերուն պետերը, երկու՝ Պետութեան եւ Եկեղեցիի Establishment-ներուն գլուխները, Թագաւորը եւ Պապը: (Այս համակարգին վերապրուկն է այսօրուան պահպանողական Անգլիոյ ազգային եկեղեցիին (Անկլիքան) կարգավիճակը, որուն մէջ Անգլիոյ թագաւորը կամ թագուհին Անկլիքան եկեղեցիի “Գերագոյն Կառավարիչ”ն է (the Supreme Governor)):
Դրամատիրական, բուրժուական հասարակարգերուն մէջ, մասնաւորաբար այդ հասարակարգի հաստատման առաջին փուլին մէջ, Եկեղեցին անջատուած է Պետութենէն, եւ այդպիսով է որ ծագում առած է այդ երկուքին միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու խնդիրը: Եկեղեցին ընկերային, քաղաքական տնտեսական ու մշակութային (մասնաւորաբար կրթական) կեանքէն հեռացընելու առաջին քայլը առաւ 1789 թուի Ֆրանսական բուրժուական Յեղափոխութիւնը: Պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւնները՝ մինչեւ 1905 թուական, Ֆրանսայի մէջ, կարգաւորուած մնացին՝ 1801 թուին Նափոլէոն Պոնափարթի (հետագային Նափոլէոն Ա. կայսր յորջորջուած) եւ Հռոմի Պիոս Է. Պապին միջեւ կնքուած Concordat-ի պայմաններուն եւ տրամադրութեանց համաձայն: Յեղափոխութենէն (բուրժուական) տասներկու տարիներ վերջ, Նափոլէոն Առաջին զիջում կը կատարէր (1801-ին) Հռոմի Եկեղեցիին առջեւ, եւ մասնաւոր կարգավիճակ մը կը շնորհէր անոր՝ Concordat-ով, որ միջազգային դաշնագիր մըն էր եւ ոչ՝ ներազգային օրէնսդրական ակտ մը (նկատի ունենալով Կաթոլիկ եկեղեցւոյ արտատարածքային — extra-territorial — (իշխանութեան հանգամանքը): 1802-ին, Նափոլէոն հրատարակեց նաեւ “Ժերմինալի Ժ. տարուան” (Germinal an X) Օրէնքը, որ կը բովանդակէր 77 կազմական յօդուածներ (articles organiques), որոնք կարգաւորեցին Պետութեան յարաբերութիւնները, ճանաչում տալով՝ ոչ միայն Կաթոլիկ այլեւ Աւետարանական “Բարեկարգեալ” եւ “Լուտերական” եկեղեցիներուն: Իսկ 1808-ի մէկ հրամանագրով, յատուկ ճանաչում տրուեցաւ նաեւ Իսրայէլեան համայնքի Սինակոկին: Ուրեմն, մինչեւ 1905թ. Օրէնքը եկաւ Ֆրանսական Հանրապետութիւնը լայիք (աշխարհիկ) պետութիւն հռչակելու, յետս կոչելով նախկին ճանաչումները, եւ կրօնական խումբերուն արտօնելով ունենալ միմիայն պաշտամունքային ընկերակցութիւններ (associations cultuelles), որոնք կը ղեկավարուին 1901 թուականի օրէնքով, որ կը վերաբերի բոլոր ընկերակցութիւններուն: (Օրինակի համար՝ Փարիզի եւ շրջակայ շրջաններուն մէջ կը գործէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի Պաշտամունքային Ընկերակցութիւնը — Association Cultuelle de L’Eglise Apostolique Armenienne de Paris et de la Region Parisienne-ը): Հոս հարկ է յիշեցնել՝ թէ ֆրանսական աշխարհիկ մտածողութիւնը ուղղակիօրէն հակադրուեցաւ Եկեղեցիին: Մինչդեռ անկլօ-սաքսոն աշխարհիկ մտածողութիւնը հակամէտ եղաւ իրարու հետ հաշտեցնելու Պետութիւնն ու Եկեղեցին: (Ի դէպ՝ Աթաթուրքի աշխարհիկ մտածողութիւնը հետեւած էր ֆրանսական հակադրութեան դպրոցին: Մինչդեռ այսօր Էրտօղանի իշխանութիւնը կը շեղի Նեճմէտտին Էրպաքանի ալ ֆրանսական հակադրութեան գործելակերպէն, եւ կը փորձէ հետեւիլ անկլօ-սաքսոն հաշտեցումի գործելակերպին, համակեցութիւն մը իրականացնելու համար՝ Աթաթուրքի հիմնած աշխարհիկ պետութեան եւ Իսլամի միջեւ…):
Անկլօ-սաքսոն աշխարհիկ մտածողութեան դրսեւորումներն են “ազգային” եկեղեցիներ ճանչցող պետութիւնները, ինչպէս՝ Անգլիան իր Անկլիքան եկեղեցիով, որուն գերագոյն կառավարիչը թագաւորն է կամ՝ թագուհին:
Ներկայիս, գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, Եկեղեցին անջատուած է Պետութենէն, եւ սակայն, տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւնները կարգաւորող տարբեր օրէնքներ, որոնք տարբեր բնոյթով եւ տարբեր տարողութեամբ իրաւասութիւններ կու տան իրենց երկրի եկեղեցիներուն, հետեւելով անկլօ-սաքսոն աշխարհիկ մտածողութեան աւանդութեան:
Կան պետութիւններ, որոնք կրօնքի մը տուած են “պետական կրօնք”ի հանգամանք, առանց սակայն արգիլելու այլ կրօնքներու պաշտամունքի ազատութիւնը: Սուրիոյ Արաբ Հանրապետութեան “պետական կրոնք”ը Իսլամն է, բայց միաժամանակ արտօնուած են միւս միաստուածեան կրօնքները, սակայն Իսլամ կրօնքին վերապահելով առանձնաշնորհեալ դիրք մը:
Ուրիշ պետութիւններ որոշ եկեղեցիներու տուած են “ազգային”, “հնուց անտի ճանչցուած” (պատմական) կամ “մեծամասնական” եկեղեցիի կարգավիճակ եւ համապատասխան առանձնաշնորհումներ, ինչպէս օրինակ՝ Անկլիքան, Լուտերական, Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիները: Հայ Առաքելական Եկեղեցիին ալ հարկ է որ տրուի նոյնպիսի կարգավիճակ:
Կան նաեւ պետութիւններ, որոնք կը ճանչնան որոշ եկեղեցիներու կամ կրօնական համայնքներու կրօնա-կենցաղային ինքնավարութիւնը, այլ խօսքով՝ “անձնական իրաւունք վայելողի” կարգավիճակ (Regime de Statut Personnel), ինչպէս օրինակ՝ Սուրիան, Յորդանանը, Կիպրոսը, Իրանը եւն: Եւ կայ տակաւին պետութիւն մըն ալ՝ Լիբանանը, որ որդեգրած է բազմահամայնքային համակարգ մը (Regime Pluriconfessionnel), եւ երկիրը վերածած համայնքներու համընկերակցութեան (Regime Consociatif des Communautes), որ եզակի համակարգ մըն է:
Այս բոլոր տարբերակներն ալ կ’ենթադրեն՝ շեղում մը Պետութեան գերիշխանութեան (վեհապետական իրաւասութիւններու) անբաժանելիութեան կամ անտրոհելիութեան (indivisible) եւ անփոխանցելիութեան կամ անօտարելիութեան (inalienable) սկզբունքներէն: Որովհետեւ, գերիշխան Պետութիւնը իրեն կը վերապահէ իր վեհապետական իրաւասութիւնները, եւ զանոնք կամ անոնցմէ մաս մը չի փոխանցեր ուրիշներու: Չի փոխանցեր՝ հասարակական խումբերու կամ կրօնական համայնքներու:
Պետութեան գերիշխանութեան անբաժանելիութեան եւ անփոխանցելիութեան հաստատ սկզբունքներու անկիւնէն դիտելով, Լիբանանի որդեգրած բազմահամայնքային համակարգը միակն է՝ որ համայնքներուն շնորհած է ոչ միայն կրօնա-կենցաղային ինքնավարութիւն, այլեւ՝ քաղաքական ալ իրաւունքներ: Իւրաքանչիւր “պատմական” համայնքի վերապահուած են՝ պետական պաշտօններու, երեսփոխանական աթոռներու եւ նախարարական թղթապանակներու յատուկ մասնաբաժիններ, քօթաներ (quotas): Այս պատճառով է նաեւ՝ որ Լիբանանահայութիւնը Տարագիր Հայութեան Հայապահպանումի պայքարին միջնաբերդը կը հանդիսանայ, քանի որ Արեւմուտքը ծանօթ չէ նման համակարգի մը, եւ հոն հայ համայնքները չեն ճանչցուած իբր ինքնուրոյն համայնք կամ՝ ազգային փոքրամասնութիւն:
Նոր մարտահրավերներ
Այսօր ուրեմն, Եկեղեցին՝ ոչ միայն կաշկանդուած է Պետութեան գերիշխանութեան հակակշիռով, ոչ միայն կը տառապի իր իսկ ներքին հիւանդութիւններով, որոնք վերածած են զինք անհոգի դիակի մը, այլեւ կ’ենթարկուի նոր արշաւանքի մը՝ նոր աղանդաւորական շարժումները՝ իրենց քայքայիչ, այլասերիչ ու հակամարդկայնական մթին ու գաղտնագիտական (occulte) գործունէութեան համար, իբր վահան կը գործածեն “խղճի ազատութեան” սկզբունքը, որուն հուանաւորութիւնն ու պաշտպանութիւնը ստանձնած է իմպերիալիստական Արեւմուտքը՝ “Ժողովրդավարացման” ու “համաշխարհայնացման” կեղծ ու ստայօդ պիտակին տակ, հարուածելու համար ազգային եկեղեցիները եւ ազգային դաւանանքները, որպէսզի բազմանան անդրազգային (trans-national) անդիմագիծ զանգուածներն ու վա՜յ համաշխարհայնական յարափոփոխ ու յարաշարժ նոր աղանդները, որոնք սեմանթիքայի չարաշահումով կ’որդեգրեն “տիեզերական” ու “համաշխարհային” անուններ, ինչպէս՝ “Աստուծոյ համաշխարհային եկեղեցի”, “Միաւորման Եկեղեցի” կամ՝ “Համաշխարհային Քրիստոնէութեան Միաւորման ընկերակցութիւն” (AUCM-Association pour I’Union des Chretiens du Monde), “Դիտարանի ընկերութիւն”, “Newborn Christians”, “Նոր Դար”ականներ են: Սեմանթիքայի հիմնական չարաշահումը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ՝ որ անոնք կը ներկայանան “կրօնական” շարժումի եւ “եկեղեցի”ի անուններով, բայց իրենք ոչկրօնական, նոյնիսկ՝ հակա-կրօնական շարժումներ են…, սակայն կը չարաշահեն կրօնքներու եւ եկեղեցիներու տրուած ազատութիւնն ու իրաւունքները եւ զերծ կը նման շարք մը տուրքերէ եւ հարկերէ…:
Արեւմուտքի շղթայազերծած վայրի դրամատիրութեան համաշխարհայնացումի արշաւանքին պատճառով յայտնուած աղանդաւորական սպառնալիքին լոյսին տակ, նոր իմաստ եւ նշանակութիւն կը ստանայ այսօր Պետութիւն-Եկեղեցի փոխյարաբերութեան հարցը, նաեւ Հայերուս համար, քանի որ ունինք մեր ազգային եկեղեցին եւ Տարագիր Հայութիւնը, որոնք թիրախ դարձած են՝ ընդհանրապէս, Արեւմուտքի եւ մասնաւորաբար՝ ամերիկեան իմպերիալիզմի կողմէ վերջին տարիներուն քաջալերուած ու ֆինանսաւորուած Սփիւռքագիտութեան… (այս մասին կարդալ մեր յօդուածը “Զարթօնք”ի 23 Յուլիս 2002 թուակիր համարին մէջ՝ “Արեւմտեան Սփիւռքագիտութիւնը եւ Հայութեան Լինելութիւնը” վերնագրին տակ: Նոյնը՝ Լիբ. Գրական Շրջանակի 2003թուի պատի Օրացոյց-Ուղեցոյցի Օգոստոս ամսուան թերթիկին վրայ): Այս է նաեւ պատճառը՝ որ այսօր, այս սպառնալիքին դիմաց անտարբեր չեն կրնար մնալ՝ հաւասարապէս, աստուածապաշտ եւ ապաստուածեան (atheiste) Հայերը: Մանաւանդ այն պարզ պատճառով՝ որ Արեւմուտքը այսօր Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան կը պարտադրէ՝ յարգել “խղճի ազատութեան” սկզբունքը բացարձակ եղանակով, եւէ թոյլ տալ այդ սկզբունքին չարաշահումը նոր աղանդներուն կողմէ ընդդէմ Հայոց Եկեղեցիին: Ուշագրաւ է այն, որ Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւնը՝ իր 31-րդ Համագումարին մէջ ընդունած Ծրագրի եւ կանոնադրութեան 13-րդ էջին վրայ, կանուխէն որդեգրած է հետեւեալ պարբերութիւնները.-
“Պաշտպանել հայ ժողովրդի դարերով ձեւաւորուած հոգեւոր աւանդութիւնները, ազգային մշակոյթի զարգացումը համարելով առաջնահերթ խնդիրը, ՀԿԿ-ն պարտադիր է համարում այդ կարեւոր բնագաւառը պետական միջոցներով ֆինանսաւորելը”:
“ՀԿԿ-ն կարեւոր նշանակութիւն է տալիս Հայ Առաքելական եկեղեցու գործունէութեանը՝ նպատակամղուած հայապահպանութեանը, հայ ժողովրդի միասնութեան ամրապնդմանը”: Այլ խօսքով, ապաստուածեան Հայ Կոմկուսը պաշտպան կը կանգնի՝ հայ ժողովուրդի դարերու ընթացքին ձեւաւորած հոգեւոր աւանդութիւններուն եւ Հայ Առաքելական ազգային եկեղեցիի գործունէութեան… ՀԱՅԱՊԱՀԱՊԱՆՈՒՄԻ եւ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ամրապնդումին ուղղութեամբ:
Ահա թէ ինչու, մենք եւս՝ մեկնելով մեր ապաստուածեան դիրքերէն, անտարբեր չենք կրնար մնալ այս հակազգային եւ հակամարդկայնական սպառնալիքին դիմաց եւ կը պաշտպանենք Հայց. Եկեղեցին:
Այս ճնշումին հետեւանքով է որ Հայաստանի Գ. հանրապետութեան 1995 թուի Սահմանադրութիւնը, յիշատակութիւնն անգամ չի ըներ Հայաստանեայց Եկեղեցիին, որ ազգային եկեղեցին է Հայոց եւ հիմնուած՝ ազգային սուրբի մը կողմէ (Գրիգոր Լուսաւորիչ), եւ որ՝ հայ ժողովուրդի պետականազրկութեան երկար դարերուն ընթացքին, եղած է պահապանը Հայ Մշակոյթին: Եւ այս Սահմանադրութիւնը՝ միւս կողմէ, կը հռչակէ “խղճի ազատութեան” սկզբունքը եւ զայն կ’երաշխաւորէ բոլորին համար… ներառեալ՝ նոր աղանդաւորականներուն, այդպիսով մեր ազգային եկեղեցին հաւասարեցուցած ըլլալով անոնց հետ, յարգած ըլլալու համար Արեւմուտքին, եւ անմիջականօրէն Եւրամիութեան, կամքը եւ… պայմանը: Եւրամիութեան անդամակցելու իրենց հեւասպառ վազքին մէջ, Հայաստանի Գ. հանրապետութեան իշխանութիւնները անտեսած են “հայ ժողովուրդի ազգային եկեղեցին”, եւ զայն զրկած նոյնիսկ իրաւաբանական անձի (personne juridique) սեփականատիրոջ կարգավիճակէն եւ վարձակալական իրաւունքներէն, միւս կողմէ՝ ազատ գրանցում շնորհած են նոր աղանդաւորական շարժումներուն, որոնք՝ հոգեորսութեան, այլասերումի, քայքայիչ ու մթին իրենց գործունէութեամբ, կ’եղծանեն մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր մշակոյթը: Այս կարգի շարժումներէն են՝ Եհովայի վկաները (“դիտարանի ընկերութիւն”) (Jehova’s Witnesses), Մորմոնականները (Mormonism), (“Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցի”), որոնք ունին մասոնական արարողակարգ եւ որոնց հետեւորդներէն է Այտա Թօփուզեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարի տեղակալը… որ վերջերս այցելեց Լիբանան ոչ-պաշտօնական այցելութեամբ… Մորմոնականներու մուտքը Հայաստան սկսած է 1998-ին… որ կը զուգադիպի Ռ. Քոչարեանի գահակալութեան: Անոնց Հայր Աստուածը Եհովան է, զոր կը յորջորջեն “Զօրաց Տէր”, որուն եկեղեցիին հայ քաղաքացին պարտի վճարել իր եկամուտի “տասանորդ”ը… որպէս զոհաբերութիւն, խուսափելու համար անոր “անէծք”էն… եւ՝ դառնալու համար “ազատ”: Վաշխառու Եհովա մը՝ արդարեւ: Նոյն կարգի շարժումներ են նաեւ՝ Գալստական Շաբաթապահները (Seventh-day Adventism), Քրիսչըն Սայենսի (Christian Science) հետեւորդները, Պուխմանականները (Buchmanism), Բրիտանական Իսրայէլի (British Israelism) եւ Հաւատքով Բուժումի (Faith Healing) հետեւորդները, Մունականները (“Միաւորման եկեղեցի” կամ՝ “Մունի աղանդ” անունով), Քրիշնայականները (“Քրիշնա գիտակցութեան ընկերութիւն”), Նոր Մկրտչականները (New born Christians) որոնց անդամ են նախագահ Ճ. Պուշ Որդին եւ իր իշխանակազմի մեծամասնութիւնը… Սայենթոլոճիստները, Նիւ-Էյճականները (“Նոր Դար”), Հերպելականները, “Բարգաւաճումի աստուածաբանութեան” հետեւորդները (որոնք կը գործածեն նաեւ “կեանքի Խօսք”, “Հաւատքի շարժում” եւ “Խարիզմատներ” անունները), “Աստուծոյ Համաշխարհային եկեղեցի”-ի, “Քրիստոսի Հետեւորդներու եկեղեցի”ի եւ “Աստուածամօր Կեդրոն”ի հետեւորդները, “Վալտոֆեան-ականները, “Պահաիական”-ները, եւն:
Հայաստանի մէջ այսօր գործող աղանդներէն Պահա’իականները՝ պարսիկ աւատապետ Միրզա Հիւսէյն Ալիի հիմնած աղանդն է, որ զինք կը հռչակէ Աստուծոյ մեծագոյն մարգարէն, “Աստուծոյ փառքը” (Պահա’ուլլահ): Adventiste-ները՝ Մկրտչական եկեղեցիէն հեռացած Ուիլիամ Միլերի ստեղծած աղանդին հետեւորդներն են, որոնք կը քարոզեն Քրիստոսի մօտալուտ գալուստը…:.
Քրիստոսի գալուստին գաղափարը չարաշահող երկու աղանդներն են՝ “Բարգաւաճումի աստուածաբանութեան” (“Կեանքի խօսք”ի, “Հաւատքի շարժում”ի եւ Խարիզմատներու) աղանդն ու նոր Մկրտչականները (New born Christians), որոնք Քրիստոսի գալուստին նախապայման կը նկատեն Իսրայէլի պետութեան զօրացումն ու ընդարձակումը, թելադրելով՝ թէ որքան շուտ զօրանայ եւ ընդարձակուի Իսրայէլը, այնքան կը մօտենայ Քրիստոսի գալուստը…: Եհովայի վկաները՝ կը հետեւին Չարլզ Ռասէլի հիմնած “Դիտարանի ընկերութեան” որ կը մերժէ Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ Սբ. Երրորդութիւնը եւ կը բանդագուշակէ աշխարհի մօտալուտ վախճանը…: Մորմոնականները՝ կը հետեւին Ճոզէֆ Սմիթի կողմէ Նիւ-Եորքի մէջ հիմնուած “Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցի”ին, որ հեթանոսական ու խիստ ծածկագիտական բնոյթ ունի: Մորմոնականները կ’ըսեն՝ “Սիօնը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պիտի կառուցուի…”, այսպիսով թափանցիկ դարձնելով սիօնա-ամերիկեան դաշինքին իրենց ծառայութիւնը (Տես՝ Վեր. Հերալտ Ա. Կ. Հասսէսեանի “Աղանդներ՝ Քրիստոնեական Ճշմարտութեան Պրիսմակէն” գիրքը, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1992, էջ 66):
Մունականները՝ քորէացի ձեռնարկատէր Սան Մէօն Մունի (San Meon Moon) հիմնած “Միաւորման եկեղեցի”ի հետեւորդներն են, որոնք կը պայքարին քրիստոնեայ աշխարհը կործանելու համար…:
Սայենթոլոճիստները՝ կը հետեւին հռչակաւոր ծածկագէտ եւ սեռային ծէսերու մասնագէտ Լաֆայէթ Ռոնալտ Հուպարտի կողմէ հրատարակուած (1955 թ.) “Dianetics” գիրքի ուսմունքին, որ կը նենգափոխէ քրիստոնէական դաւանանքի հիմնական սկզբունքներն ու ֆրէօյտեան տեսութիւնը: Ասոնք կը հետապնդեն շահադիտական մթին նպատակներ: Լաֆայէթ Ռ.Հուպարտին կը պատկանի այն խօսքը՝ թէ “եթէ կ’ուզես դրամ շահիլ, ստեղծէ քու սեփական եկեղեցիդ”… (Այս աղանդին մասին փաստացի եւ գրեթէ ամբողջական հետազօտութիւն մը լոյս տեսաւ ամերիկեան “TIME” շաբաթաթերթի 6 Մայիս 1991 թուակիր համարին մէջ): Վալտոֆեանականները՝ իրենց կեղծ ու ծածկագիտական վարդապետութիւնը հիմնած են anthroposophia-ի սկզբունքներուն վրայ եւ կը ջատագովեն՝ կրթութեան մէջ, հոգեկան վարժանքի եղանակ մը, որով՝ կը յաւակնին, մարդուն մէջ առկայ ծածուկ ու չճանչցուած ուժերը եւ ընդունակութիւնները յայտնաբերել, եթէ անհատը “նուիրաբերուի” իրենց…
Այս բոլորին մէջ, մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է նաեւ “Բրիտանական Իսրայէլ” անունով եւ գերազանցապէս քաղաքական ծրագրով աղանդը, որուն հետեւորդները կը պնդեն՝ թէ Իսրայէլի կորսուած տասը ցեղերը վերամարմնաւորուած են (եղեր) Ատլանտեան Ովկիանոսի երկու ափերուն վրայ… այսինքն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Մեծն Բրիտանիա Եփրեմի, իսկ Հիւսիս Ամերիկան ալ Մանասէի որդիներուն շառաւիղներն են (եղեր): Անոնք կը պնդեն՝ թէ Անգլիոյ ներկայի գահը Դաւիթի Աթոռն է… եւ թէ՝ Հիւսիս. Ամերիկա եւ Մեծն Բրիտանիա “միատեղ պիտի ուռճանան եւ իրենց ոտքերը յաւիտենապէս իրենց թշնամիներուն վիզին վրայ կոխուած պիտի ըլլայ…”: Եւ թէ՝ “բոլոր անկլօ-սաքսոնները եւ քելթական (celtic) ցեղերը եւ անոնց կը պնդեն՝ թէ “ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Աստուծոյ ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻՐՔՆ Է: Ուստի, այն անհատը կամ թէ ժողովուրդը, ցեղը կամ թէ թագաւորութիւնը որ այս Գիրքին ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ չի հնազանդիր, յաւիտենապէս կորսուած է…”: (Տես՝ Վեր. Հերալտ Ա.Կ. Հասսէսեանի վերեւ յիշատակուած գիրքին էջ 415-425: Նաեւ՝ Haward W. Kellog, “British Israel Identity”, American Prophetic League Inc. Los Angeles 41, California): Այս աղանդը կը կոչուի նաեւ՝ “Anglo-Saxon” եւ “Destin of America” ինքնաբացայտ ու պերճախօս քաղաքական անուններով: Այս աղանդին դրոյթներն պարզորոշ կերպով ցոյց կու տան՝ սիօնա-ամերիկեան աշխարհակալութեան “Աստուածաշունչ”ը՝ Նոր-Ազատական վայրի դրամատիրութիւնը, որուն տնտեսական օրէնքնէրը այս աղանդին դաւանած “Աստուծոյ” ոչ թէ հոգեւոր կեանքի այլ “տնտեսագիտութեան Օրինագիրք”ն է…: Դժուար չէ տեսնելը՝ որ այս եւ նման աղանդներու քարոզիչները կը տարածեն նոր-ազատական վայրի դրամատիրութեան “համաշխարհայնացում”ի քարոզչութիւնը:
Բայց ովքե՞ր են աղանդաւորականները եւ ի՞նչ կը հետապնդին
Նախ եւ առաջ հարկ է իրարմէ զատորոշել պատմական աղանդները նոր աղանդաւորական շարժումներէն: Անցեալին, աղանդ կը կոչուէին մարդոց խումբեր, որոնք անջատուելով կրօնական մայր համայնքէն կը հետեւէին անջատուող ղեկավար անձին, որ կը դառնար անոնց “ուսուցիչ”ը կամ “կուրու”ն: Աղանդը լատինական Secta բառն է (sequi բայէն), որ կը նշանակէ հետեւիլ՝ հետեւորդներու դաւանած վարդապետութիւնը: Սակայն, արդի ժամանակներու մէջ, ընկերային-քաղաքական շարժումներ էին եւ գիւղացիական ապստամբութիւններ՝ կրօնական քօղի տակ գործող, որոնք կը պահանջէին Եկեղեցւոյ Establishment-ի բարեկարգումն ու վերադարձը դէպի Քրիստոնէութեան մաքրամաքուր սկզբնաղբիւրները, որոնցմէ հեռացած էին ոչ միայն եկեղեցական հայրերը այլեւ պետական (միապետական իշխանութեանց) այրերը… որոնք իրարու գործընկերներ էին՝ հին աւատապետական դարերուն: Այսպիսի շարժում մըն էր՝ օրինակ, Հայ Թոնդրակեցիներու շարժումը, որ ունէր ընկերային եւ ազգային մակարդակներու վրայ ազատագրական բովանդակութիւն: Շարժումը կը հետեւէր Նազովրեցի Յիսուսի ուսմունքին, եւ ոչ թէ՝ տոկմայացած Քրիստոսին… եւ Էսթապլիշմէնթացած Եկեղեցիին: Եւ հետեւաբար, սխալ է եւ հակագիտական այսպիսի շարժումներուն տալ “աղանդ” յորջորջումը՝ բառին ներկայի իմաստովը: Այս ուղղութեամբ մեծապէս ուսանելի աղբիւր մըն է Eric Fromm-ի “The Dogma of Christ” խորագրեալ գիրքը, որուն մէջ ցոյց կը տրուին Նազովրեցի Յիսուսի որպէս Քրիստոս տոկմայացումին իսկական նպատակներն ու շահադիտութիւնները:
Նոր-աղանդները բացարձակապէս կապ չունին “կրօնք”ի հետ: Ընդհակառակը, անոնք կը գործեն ծածկագիտական (գաղտնագիտական, occult) եղանակով ընդդէմ մարդկայնական գաղափարներու, ներառեալ՝ Քրիստոնէութեան ինչպէս տեսանք: Մունականները՝ օրինակ, որոնք կը գործեն Հայաստանի մէջ, իրենց իբր կարգախօս ընտրած են՝ “Որքան եռանդագին մենք գործենք՝ այնքան արագ կը փլուզուի քրիստոնեայ աշխարհը…”: Մունականը կը գործէ իր շարժման պարագլուխին՝ Սան Մէօն Մունի յաջողութեան ու յաղթանակին համար, անոր կապուածութիւնը կ’երթայ մունի անձին եւ հոգեպէս չի հաղորդակցիր Աստուծոյ հետ, ինչ որ յատուկ է քրիստոնէական կրօնքին:
Նոր աղանդներու կազմակերպչական սկզբունքները նման են մաֆիական գործելակերպին.- հետեւորդի կոյր հնազանդութիւնը մեծաւորին, պարագլուխի անառարկելի հեղինակութիւնը նոյնիսկ հետեւորդի ֆիզիքական անձին վրայ, եւ՝ պարզ հետեւորդին համար, աղանդին հետապնդած բուն նպատակներու անհասանելիութիւնը… միւս կողմէ, աղանդի մաֆիական գործելակերպին մաս կը կազմէ նաեւ՝ ահաբեկումներու միջոցը: Օրինակի համար, 1995թ. դեկտ. 8-ին, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, օրը ցերեկով եւ ինքնաշարժի մէջ գնդակահարեցին Վիթալի Սավիցքին, որ Ռուսական Դումայի կրօնական հարցերու յանձնաժողովի նախագահն էր, եւ հիմնական զեկուցողը՝ աղանդաւորականներու դէմ պայքարի նոր օրէնքի քննարկման նիստին: Ան գնդակահարուեցաւ՝ երբ Ս.Փեթերզպուրկի մէջ կը մասնակցէր “ընտանիքի պաշտպանութեան” կազմակերպութեան կողմէ կայացուած սեմինարին…:
Աղանդներու անդամները ունին երեք աստիճաններ.-
1. Ներքին կորիզը, որուն անդամները նշանակովի են, արհեստավարժ են, իրենց կեցութիւնը ապահովուած է շարժումի Սնտուկէն, եւ՝ միայն իրենք վերահասու են շարժման բուն նպատակներուն…
2. Հաւատարիմ ու նուիրեալ, այսինքն՝ կոյր ու մոլեռանդ հետեւորդներու ոչխարի հօտը,
3. Մասամբ միայն ներքաշուածները, ձեւով մը “այցելու” անդամները, որոնք հետեւորդներուն մեծամասնութիւնը կը կազմեն եւ հասարակութեան մէջ կ’ամրապնդեն աղանդին դիրքերը, քանի որ հետամուտ կ’ըլլան մասնաւոր շահերու…:
Աղանդաւորական շարժման հետւորդին գիտակցութիւնը ընդմիշտ առնուած կ’ըլլայ պարագլուխին ամբողջական վերահսկողութեան տակ, անգամ մը որ ան իյնայ ծուղակին մէջ, եւ՝ գերին դառնայ աղանդի ծածկագիտական ծէսերուն, անոր իւրայատուկ եզրոյթին ու բառապաշարին, եզրաբանութեան ու դարձուածքաբանութեան: Այսպիսով՝ մարդոց գիտակցութիւնը կը սահմանափակուի ու կը շեղի ընկերային, քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային իրական հարցերէն, եւ հասարակական իսկական պայքարի դաշտէն…: (Աղանդաւորական շարժումներուն մասին աւելի լայն եւ մանրամասն ծանօթութիւններու համար կարելի է դիմել՝ Վեր. Հերալտ Ա.Կ. Հասսէսեանի վերեւ յիշատակուած աղբիւրին: Նաեւ՝ J.K.Van Balen, “The Chaos of Cults”, Eardmans publ. co, 1954. “Christianity Versus the Cults”, 1958. եւ “The Gist of the Cults”, 1957):
Համաշխարհայնացումի քօղի ետին թաքնուած ամերիկեան իմպերիալիզմի պահեստի ուժերէն է նոր աղանդաւորական շարժումը՝ սիոնականութեան, մասոնականութեան եւ այլ ծածկագիտական շարժումներու շարքին: Աղանդաւորական մեծ շարժումները ունին նիւթական վիթխարի միջոցներ, եւ կրնան կաշառել պետական անձեր ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, զանոնք իրենց նպատակներուն ծառայեցնելու համար: Մունի աղանդը՝ օրինակի համար, 1995 թուի Մայիսին եւ Սեպտեմբերին կրցաւ իր նպատակներուն ծառայեցնել նախագահ եւ Տիկ. Ճորճ եւ Պարպարա Պուշերը՝ կոկիկ վարձատրութեան մը փոխարէն…, եւ վիրաւորել Ճափոնի ազգային արժանապատւութիւնը (քորէացիի մոլեռանդութեամբ…), որոնց դէմ բուռն ցոյցերով բողոքեցին այս աղանդի զոհերու պաշտպան փաստաբաններն ու Ճափոնի Բողոքական Եկեղեցիներու Միութիւնը: Այս իրադարձութեանց շուրջ լռութիւն չկրցան պահել նաեւ “New-York Times”ը եւ “The Washington Post”ը իրենց 6 Սեպտեմբեր 1995 թուակիր համարներուն մէջ:
Շատ մը աղանդաւորական շարժումներ՝ ուղղակիօրէն եւ իրենց ներքին կորիզներուն միջոցով, կապ ունին “Սիոնա-ամերիկեան Համաշխարհային Կայսրութեան” հետ (որ կը կոչուի New World Order, Նոր Աշխարհակարգ) եւ զայն հետապնդող գաղտնի մարմիններուն հետ, որոնց մասին խորազնին ուսումնասիրութիւն մըն է Gaey H. Kah-ի “On Route to GLOBALOCCUPATION” խորագրեալ գիրքը (Lafayette Louisiana, 1992, Huntington House Pubishers):
Այս վտանգաւոր շարժումներուն դէմ այսօր պայքար կը մղուի Եւրամիութեան հին անդամ երկիրներուն մէջ, մինչ Եւրամիութեան “Բարձր կոմիսարիատը” Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ “խղճի ազատութեան” in abstracto գործադրութիւնը: Այլ խօսքով, Եւրամիութեան հին (մեծ) անդամ երկիրները այդ սկզբունքը իրենց մօտ կը գործադրեն in concerto եղանակով, որպէսզի՝ այդ սկզբունքին գործադրութիւնը վնաս չհասցնէ հին (մեծ) երկիրներու ազգային շահերուն եւ թոյլ չտրուի անոր չարաշահումը աղանդաւորականներուն կողմէ, միւս կողմէ՝ սակայն, նոր (փոքր) անդամ երկիրներէն կը պահանջեն ատոր in abstracto գործադրութիւնը՝ ի վնաս անոնց ազգային շահերուն…:
Հակա—աղանդաւորական պայքարը արեւմուտքի մէջ
Հակիրճ կերպով պիտի անդրադառնանք՝
Ա) Համեւրոպական Օրէնսդիր մարմիններու եւ Տանըմարքի Գործադիր իշխանութեան մակարդակներուն վրայ տարուող պայքարէն երեք օրինակներու, եւ՝
Բ) Ընդհանրապէս Արեւմուտքի դատաստանական իշխանութիւններու կողմէ խղճի ազատութեան սկզբունքին չարաշահումը պատժող օրինակելի վճիռներու:
Ա-1) 1999 թուի Ապրիլի 23-24 օրերուն, Սթրազպուրկի մէջ կայացած համեւրոպական խորհրդակցութիւնը (17 երկիրներէ եկած 260 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ) որդեգրեց Հռչակագիր մը, որուն գլխաւոր կէտերն էին՝
ա— Մերժել աղանդաւորականներու այն փորձերը, որոնց նպատակն է Ֆրանսայի պետութեան կողմէ աղանդաւորականներուն դէմ առնուած կանխարգելիչ միջոցները ամբաստանել՝ որպէս խղճի ազատութեան իրաւունքի կապտում եւ անհանդուրժողականութիւն:
բ— Պաշտպանել Մարդու Իրաւունքները որոշ աղանդներու վտանգաւոր ոտնձգութիւններէն՝ ինչ դիմակի տակ ալ որ գործելու ըլլան անոնք:
գ— Եւրախորհրդարանէն եւ ԵԱՀԿ-էն պահանջել՝ որ անոնք ՄԱԿ-ի յանձնաժողովի կարգավիճակ տան FECRIS-ին (“Աղանդաւորական քայքայիչ գործունէութեան դէմ Պայքարի Եւրոպական Դաշինք”ին), եւ՝ լսեն անոր տեղեկագրերը, ընթացք տալով անոր յանձնարարութիւններուն…:
դ — Ստեղծել Համեւրոպական Կեդրոնական Մարմին, որուն պաշտօնը ըլլայ՝ կանխարգիլել աղանդաւորական շարժումներու տարածումը:
Ա-2) Եւրոխորհրդարանը՝ իր 1984-85 տարեշրջանի նիստերուն մէջ, Մունի աղանդին դէմ առած է թիւով 47 որոշումներ, որոնք համարակալուած են թիւ 84/1-47:
Ա-3) 1998-ին, Տանըմարքայի Կրթական նախարարութիւնը՝ բոլոր կրօնական պիտակի տակ գործող շարժումներու գրանցումին համար, պարտադիր հռչակած է հետեւեալ 10 նախապայմանները.-
ա) պարտին ունենալ Աստուծոյ հասկացութիւնը…
բ) ունենալ՝ հաստատ “Հաւատոյ հանգանակ” մը…
գ) ունենալ՝ իրենց սեփական սկզբունքները, մարդկային վարքագիծի եւ բարոյականութեան մասին…
դ) ունենալ յստակ տեքստեր՝ իրենց յատուկ ծիսակարգին մասին…
ե) Անոնց պսակադրութեան պայմանները պէտք է համապատասխան ըլլան Տանըմարքեան օրէնքներուն….
զ) անոնց կառոյցները պէտք է վերահսկելի ըլլան Պետութեան կողմէ, եւ անոնց պատասխանատուները՝ հաշուետու իշխանութիւններուն առջեւ…
է) անոնց կանոնագրերը պէտք է յստակօրէն սահմանած ըլլան՝ անդամներու հաւաքագրման եւ անոնց դուրս գալու կարգն ու կանոնը…
ը) անոնց դաւանած ուսմունքը թափանցիկ կերպով մատչելի եւ հասկանալի ըլլայ բոլոր անդամներուն…
թ) անոնց տնտեսական գործունէութիւնը վերահսկելի ըլլայ Պետութեան համար… եւ
ժ) անոնց դիմագիծը պէտք է երեւելի ըլլայ եւ ոչ՝ ծածուկ…
Ինչ կը վերաբերի դատաստանական իշխանութիւններու վճիռներուն՝
Բ-1) Լիոնի քրէական դատարանի 22 Նոյ. 1996 թուականին արձակած վճիռը կÿըսէ՝ “Խարդախութիւն կը համարուի այն զանցանքը, որմով Իրաւական անձերու (այսինքն՝ գրանցուած աղանդաւորական շարժումներու) պատասխանատուներ՝ իրենց ֆինանսական եւ առեւտրական նպատակներուն համար, կրօնափիլիսոփայական ուսմունքներ կÿօգտագործեն, Երրորդ անձ մը գիտակցօրէն խաբելու համար: Խարդախութիւն կրնան դիտուիլ նաեւ ծիսակարգի այն արարողութիւնները, որոնք նպատակ կը հետապնդեն խաբելու բարեխիղճ (անմեղ) երրորդ անձ մը…”: Այս յստակ պատճառաբանութիւնը՝ կը խորհիմ, կարիքը չունի յաւելեալ մեկնաբանութեան:
Բ-2) Աւստրալիոյ Քրէական Դատարանները եւս անհաշտ կռիւ կը մղեն մասնաւորաբար Սայենթոլոճիստներու աղանդին դէմ, որուն զոհերը կը տառապին՝ ճնշումներէ, քունի խանգարումէ, դեղօրայքի չափազանցեալ գործածութենէ, մեղաւորութեան ու վախի զգացումէ եւն: Աւստրալիոյ Գալիֆորնիա նահանգի Գերագոյն Ատեանը՝ 1999 թուի Մայիսին արձակած իր անկիւնադարձային անբեկանելի վճիռով, հիմնավորուած գտաւ աւստրալիական քրէական դատարաններու ձեռնհասութիւնը (իրաւասութիւնը)՝ դատելու աղանդաւորական շարժումները, առանց որ ատիկա համարուի խղճի ազատութեան սկզբունքի ոտնահարում, քանի որ “ազատօրէն դաւանելու իրաւունքը բնա՛ւ չի նշանակեր իրաւունք ունենալ՝ երրորդ անձերու հոգեկանին վրայ ազդելու, կամ՝ անոնց իրաւունքները կրճատելու եւ սահմանափակելու…”:
Բ-3) Նոյնինքն ԱՄՆ-ի մէջ, վերջին տարիներուն, նոր զարթնում մը կը նկատուի աղանդաւորականներու ոճրային ու քայքայիչ գործունէութեան վտանգին նկատմամբ: 1998-ին, Օրեկոն նահանգի համանուն քաղաքին մէջ մանուկ մը կը մահանար, որ շաքարախտէ կը տառապէր: Բայց մանուկին ծնողները՝ “Քրիստոսի հետեւորդներու” աղանդին պատկանած ըլլալով, արգիլած էին մանուկին բուժումը դեղօրայքով… եւ բաւարարուած՝ լոկ աղօթքներով: Այս ծնողները երբ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ պատասխանատւութեան կանչուեցան քրէական դատարանին առջեւ, դատարանը անպարտ արձակեց զանոնք, քանի որ “շարժած էին իրենց դաւանանքին թելադրութեան համաձայն”…: Բայց, պատճառ եղած էին ուրիշ անձի մը մահուան…: Նահանգի Խորհրդարանը որդեգրեց օրինագիծ մը, որ կÿարգիլէր դաւանանքի ազատութեան իրաւունքին Չարաշահումը, եւ Պարտադիր կը դարձնէր անչափահաս զաւակներու Բժշկական Խնամքը: Ինչպէս կը տեսնէք՝ Օրեկոնի քրէական դատարանը in abstracto կիրարկած էր խղճի ազատութեան իրաւունքը, իսկ նահանգի Խորհրդարանը՝ Օրէնսդիր իշխանութիւնը, եկաւ in concreto կիրարկելու զայն՝ արգիլելով անոր չարաշահումը կամ սխալ գործածութիւնը, որ պատճառ դարձած էր մանուկի մահուան…:
Վերջաբան
Ժամանակն է՝ որ Հայաստանի Գ. հանրապետութեան իշխանութիւնները տէր կանգնին իրենց ազգային գերիշխանութեան, եւ վերականգնեն՝ Ս. Էջմնածինի եւ Հայց. Եկեղեցիի յատուկ կարգավիճակը որպէս ազգային ու պատմական եկեղեցի, իր բոլոր առանձնաշնորհումներով, եւ անհաշտ կռիւ հռչակեն քայքայիչ ու օտարամուտ աղանդներուն դէմ, ինչպէս կÿընեն նոյնինքն Եւրոպան, Արեւմուտքը եւ բոլոր գերիշխան պետութիւնները:
Գասպար Տերտերյան
Բեյրութ, Լիբանան
Փաստաբան, հրապարակախոս,
“Լուսանցք” Թիվ 98, ապրիլի 3- 9, 2009թ.
“Լուսանցք” Թիվ 99, ապրիլի 10- 16, 2009թ.
“Լուսանցք” Թիվ 100, ապրիլի 17- 23, 2009թ.
“Լուսանցք” Թիվ 101, ապրիլի 24- 30, 2009թ.
12 Հուլիսի, 2013, ժ. 7:53 ե. |
ԿԱՐԵՆ ԽՈՌԽՈՐՈՒՆԻ ՏԻԱՐ ՔՅԱՆԴԱՐՅԱՆ говорит:
Июль 12, 2013 в 2:42 пп
ԵՐԲ ԿՅԱՆՔԻՍ ՎՏԱՆԳ Է ՍՊԱՌՈՒՄՙԵՍ ՊԱՐՏԱՎՈՐ ԵՄ ԲԱՑԵԼ ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐՍ՚՚՚ՕԳՆԵԼՈՎ ԱԶԳԻՍ՚՚՚՚
Ծրագիր 1
Նախաբան մը
Եթե ուզում ես այս կյանքում ինչ որ բանի հասնել,դու պիտի քեզնից թույլերին ու դժբախտներին համախմբես և գրոհեք միասին:
Կարծեմ կարիք չկա նշելու թէ ինչ է կատարվում,բայց Հայաստանի եվ Հայ ազգի համար գտել եմ ելք,ունենալով բավական ինֆորմացիա կարող եմ նշել հիմնական իմ քայլերը Հայաստանը ու Հայ տեսակը հզորացնելու,ելք գտել եմ եվ այս անգամ արդեն դրա դեմը բան չէ կարող անել հակառակորդի կողմը,ելքը կայանում է խորամանկության մեջ եվ ես կդիմեմ այն քայլերին,որը արգելված է,իհարկե ի նպաստ Հայ տեսակի ու հանուն Հայաստանի պետականության ու տնտեսության հզորացման համար:
Գործողություն 1
գուցէ ես խելագառ եմ,բայց ուրիշ ելք չկա,ամեն անօրինական մեթոդ հիմա մեզ պետք կգա ,քան երբեվէ,ամբողջ հարցը Հայության գոյապահպանման հարցն է,ժամանակ չէ հերիքում,կտրուկ քայլերի պիտի գնալ:
ՈՒրեմն այսպես
Մեզ պետք է հիմնվել Հայ Առաքելական Եկեղեցու եվ Հանրապետական Կուսակցության վրա:
Մեզ պետք է ,որ մեր վստահելի մարդիք լինեն հիմնական Բնագավառներքում՝
1. Քաղաքական,
2. Ռազմական,
3. Կրոնական,
4. Տնտեսագիտական,
5.Բժշկագիտական,
6. Մշակութային,
7. Կրթական,
8. Իրավաբանական,
9. Ներքին Գործերի Նախարարությունում,
10. Արտաքին Գործերի Նախարությունում:
Ապա Հրեական ու Հայկական Սփյուռքերի ու Համայնքների Լոբբիներում:
Հետո
Ցանկալի է Հրեական,Հայկական,Վրացական,Ոուսական մաֆիաներում ունենալ մեր գործակալները,նաեվ Ղեկավարչական Ապպարատում:
Որպեսսզի հսկողության տակ պահենք աղանդներին եվ ընդիմության խմբերին եվ ազգայնական միություններին եվ այլ կուսակցություններին,պետք է մեր գործակալները սողոսկեն դրանց օջախները եվ ընկերությունները:
Բարեկամական ու Խնամիական կապեր հաստատել բոլոր բնագավառների ազդեցիկ մեծահարուստների հետ,նաեվ վերոնշյալ ուժերի հետ:
Գործողություն 2
Սույն բնագավառներում եվ Զ.Լ.Մ – ներում ունենալ համակիրներ որոնց միջոցով կգովերգենք մեր գործողությունները ,իսկ հակառակորդներինը կվարկաբեկենք:
Տիրելով Օրենսդրությունը,մեր քայլերը կդարձնենք օրինական եվ կկառավարենք օրենքը:
1. Զինամթերքի առեվտուր:
2. Ցեղակրոն ուժերը եվ մնացածը օգտագործել նպատակին հասնելու համար:
3. Օրենքի ուժով նաեվ Սահմանադրությամբ սեփական իրավունքների իմացողությամբ ՝ պաշտպանել մեր շահերը:
4. Վերացնել բանտային ու հոգեբուժարանային հաստատությունները,որպես մարդու իրավունքի կոպիտ խախտում:
Հետո
Բոլոր նրանցից վրեժ լուծել,ովքեր ընդիմանում են մեզ,կամ վիրավորում մեր արժանապատվությունը,ինքնասիրությունը՝ քցելով մեր վարկանիշը:
Նաեվ Օրենքի ամրագրումով ստանալ եկամուտ՝ պետբյուտջեից,հանքարդյունաբերությունից,գործարանային բիզնեսներից:
Գործողություն 3
Ամենակարեվորը իմ Տոհմի բարեկեցությունը՝
Հայ Ազգի պահով կասեմ հետեվյալը՝ Հայության սերունդները որ սփռված են ամենուր պետք է բազմանան ու ամեն մի սերունդ տա իր տասնապատիկը:
Օրինակ՝
10 որդի,100 թոռ,1000 ծոռ եվ այլնՙ,նույնը իմ Տոհմը:
Իսկ այդ սերունդները պիտի պահվեն ու կերակրվեն,մեծացվեն,կրթվեն տվյալ երկների Բյուտջեների հաշվին ու Աշխատեն բոլոր բնագավառներում:
Դրա համար մեզ պետք է
Գողանալ Հորս որդիների սերունդը եվ հսկողության տակ դաստիարակել ու բազմացնել:
Հետո երբ զարմիկներս դառնան չափահաս,նրանք պետք է Եվրոպայի Թագավորական Տների օջախներ ներխուժեն:
Եվ թաքուն հղիացնեն թագուհիներին,մուտք ունենալով նրանց ննջարան,որպես է անձնական թիկնապահ:
Մուտք ունենալ նաեվ Խորհանոցներ,մեր գաղտնիքը չպիտի բացահայտվի,ամեն կերպ այդ ծնվող սերունդ պիտի լինի տվյալ Թագավորությունների Արքաներ եվ պիտի քողարկվի նրանց Դ.Ն.Թ.,-մերը լինելով:
Նույն բանը Քրմապետական ու ՙՌաբբիներ, եվ Մասոնական Օջախներում:
Ответить