Ստորեւ ներկայացվող հոդվածը “Լուսանցք”-ը տպագրել է դեռ երեք տարի առաջ: Հաշվի առնելով մեր թերթի այս թողարկումում արծարծվող բանավիճային թեման եւ այն եւս մեկ անգամ արծարծելու անհրաժեշտությունը, փոքր-ինչ հավելումներով վերատպում ենք ներքոնշյալը:
* * *
Վերջին ժամանակաշրջանին, “արգիլուած” նկատուած նիւթերու շարքին, սկսած է գրուիլ նաեւ ռուսական մասոնութեան մասին: Այս մասին լոյս տեսած կարեւորագոյն հրատարակութիւններեն են նիւ եորքաբնակ հայազգի ռուսագիր հեղինակ Նինա Պէրպէրովայի “Մարդիկ Եւ Օթեակներ — 20-րդ Դարի Ռուսական Մասոնները” (Նիւ Եորք, “Ռուսիքա Բապլիչ” հրատարակչութիւն, 1986թ.) ու Պ. Ի. Նիքալաեւսքիի “Ռուսական Մասոնները Եւ Յեղափոխութիւնը” (Մոսկուա, “Թէրրա” հրատարակչութիւն, 1990 թ.) հատորները:
Արխիւային նիւթերը կը հաստատեն մէկ բան. Ռուսաստանի 20-րդ դարի առաջին կէսի քաղաքական կեանքին մէջ էական դեր ունեցած են ռուսական մասոնները: Ցաւալիօրէն, այս նիւթերը կը հաստատեն նաեւ այն, որ ռուսական մասոնութեան հայազգի անդամները գործիք ծառայած են մասոնական դաւադրութեանց մէջ:
Աւելի ցաւալի ու ընդվզեցուցիչ է այն իրողութիւներ, որ հայանուն արարածներ, շլացած մասոնութեան գայթակղեցուցիչ ոռոգայթներեն, տակաւին կ՛իյնան մասոնական թակարդը, եւ կը ծառայեն օտարին, նոյնիսկ սեփական ազգը անճիտած թիւրք թշնամիին:
Կարելի չէ առանց արգահատանքի կարդալ հայազգի Դաւիթ Պեհպութեանի տպաւորութիւնները Երիտթիւրք ճիւաղներ Քարատյի Թալաաթիա մանաւանդ Էնվերպէյի մասին:
(“Սփիւռք”)
Ռուսական մասոնութեան հայոց անդամակցութեան սկիզբը կը հասնի այս դարու առաջին տարիները: “Rcvuc Masoniquc” հանդեսին համաձայն, “1905թ. Ֆրանսիական մասոնական կազմակերպութիւններում ընդգրկւած են եղել 18 հայեր”, որոնց շարքին՝ ռուսահայեր (Արծուի Բախշինեան, “Անդրադարձ” շբթ., Երեւան, թիւ 20 (86), 10-16.10.1992թ., էջ 2):
Նինա Պէրպէրովա, որ ընտանեկան պարագաներու բերումով իր երեխայութենէն մոտիկ ծանօթութիւն ունեցած է ռուսական վտարանդի մասոններու հետ, իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ կը բերէ անոնցմէ 660-ին կենսագրական տուեողները: Անոնց շարքին են քանի մը տասնեակ ռուսահայեր, ինչպէս՝
Մոիսէյ Սերկէեւիչ Աճեմով (Մովսէս Սարգիսի Աճեմեան) (1878-1950թթ.). — Քատէթ (Սահմանադրական Ժողովրդավար) կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի եւ Պետ. Տումայի (ցարական Ռուսաստանի խորհրդարան) անդամ:
Մինաս Իվանովիչ Պէրպէրով (Մինաս Յովհաննէսի Պէրպէրեան) (1871-1919թթ.). — ՀՅԴ-ի անդամ, ռուսերէնէ հայերէն եւ ընդհակառակը թարգմանիչ: Մահացած՝ Երեւան:
Եոսիֆ Կրիկորեւիչ Լոռիս-Մելիքով (Յովսէփ Գրիգորի Լոռիս Մելիքեան) (1800-1950 թթ.). — Իշխան եւ դիւանագէտ: Մահացած՝ Փարիզ:
Խրիսթաֆոր Կապրիէլովիչ Կաֆեան (Քրիստափոր Գաբրիէլի Կաֆեան) (1900-1971 թթ.). — Երաժիշտ:
— Միքայէլ Պապաճանեան (1870 -?թթ.). — Քատէթ կուսակցութեան ղեկավարութեան, Պետական Տումայի եւ Անդրկովկասի “Յատուկ Կառավարման Կոմիտէ”-ի անդամ: ՌԱԿ-ի հիմնադիրներէն:
— Ալեքսէյ Կարապետովիչ Ճիվելեկով (Ալեքսէյ Կարապետի Ճիվելեկեան) (1875-1952թթ.). — Գրականագէտ եւ պատմաբան:
— Միխայիլ Մաթվէեւիչ Տէր-Պօղոսեան (Միքայէլ Մատթէոսի Տէր-Պօղոսեան) (1890-1967 թթ.). — ԷսԷռ (Ընկերվարական Յեղափոխական) կուսակցութեան ղեկավարներէն ու ռուսական մասոնութեան հիմնադիրներէն: Բարիզի ռուսական մասոնութեան միացած է 1925թ., 2 տարի ետք բարձրանալով՝ վարպետի աստիճանին: Ասոր անունը կը յիշէ նաեւ Պ. Ի. Նիքոլայեւսքի՝ Ն. Վ. Վոլսքիին ուղղած 8 Մարտ 1960թ. նամակին մէջ (Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 114):
— Վահան Փափազեան (Կոմս) (1878-?թթ.). — ՀՅԴ-ի ղեկավար գործիչ: Մասոն 1932թ.-էն:
Երուանդ Գէորգի Քողբեթլեանց (1886թ. կամ 1888թ.-?). — Գիտնական:
“Թիֆլիսի օթեակին մէջ կը գտնուէր՝ Կէօրկ. Միխ. Թումանովը (բանաստեղծին որդին)” (“Նօթեր Ինծի Համար”, Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 108): Ասոր մասին Նինա Պէրպէրովա կը յայտնէ. “Իշխան, գնդապետ, իշխանուհի Մարիամ Թումանյանի ամուսինը՝ սպաննուած 1917թ. Հոկտեմբերին”:
Ռուսական մասոնութեան մասնակցած է նաեւ ՀՅԴ-ի “եռապետութիւնը”. Խատիսեան, Ջամալեան եւ Վրացեան:— Ալեքսանտր Իվանովիչ Խատիսով (Ալեքսանտր Յովհաննէսի Խատիսեան) (1874-1945թթ.). — ՀՅԴ-ի ղեկավար անդամ, Թիֆլիսի քաղաքապետ, ՀՀ վարչապետ, մեծ իշխան Նիքոլայ Նիքոլաեւիչի մտերիմ բարեկամը: Կինը՝ ռուս: 1926թ. անդամակցած է “Grand Orient de France” օթեակին: 33 աստիճանի մասոն: Մահացած՝ Փարիզ:
— Արշակ Իսահակի Ջամալեան (1884-1940թթ.). — ՀՅԴ-ի ղեկավար անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան: Կինը՝ հրեայ: Մահացած՝ Փարիզ:
— Սեմեոն Լազարեւիչ Կրուզինով (Սիմոն Ղազարի Վրացեան) (1882-1969թթ.). — ՀՅԴ-ի ղեկավար անդամ, ՀՀ վերջին վարչապետը: Ռուսական վտարանդի “Հիւսիսային Աստղ” օթեակին անդամակցած է 1927թ., Բարիզում: 18 աստիճանի մասոն: Մահացած՝ Պէյրութ:
Զարմանալու բան չկայ, որ մասոնական օթեակները կը համախմբէին ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ղեկավարները, ինչպէս վիճակը նոյնն է այսօր: Ռուսական մասոնական օթեակներու “եղբայրներ” էին քաղաքական թշնամի ուղղութեանց ղեկավարներ, ինչպէս վրացի մենշեւիկներ Չխէիծէն, Չխենկելին եւ Ծերեթելին, Էսէռներ Քերենսքին, Սաւինքովը եւ Միլեուքովը, մենշեւիկ Սթրուվէն, մեծ իշխան Ալեքսանտր Միխայլովիչը, իշխան Ուրուսովը եւ ուրիշներ: Բազմաթիւ պոլշեւիկ ղեկավար գործիչներ նոյնպէս մասոնութեան անդամ եղած են: “Կազմակերպութեան (մասոնական, — Գ. Ե.) մէջ կը մտնէին նաեւ պոլշեւիկները, որոնց միջոցով մասոնները Լենինին դրամ տուին (1914թ.)” (Պ. Ի. Նիքոլաեւսքիի 10 Յունիս 1959թ. նամակը Պ. Վոլֆին, Նիքոլաեւսքիի նշած գիրքը, էջ 117):
Ռուսական մասոնութեան հիմնադրման պատմութեան մէջ կարեւոր դեր խաղացած է Պէհպութեան իշխանական տոհմէն սերած իշխան Դաւիթ Օսիպովիչ Պեպութովը (Դաւիթ Յովսէփի Պեհպութեան): Հետեւաբար կ՛արժէ որ երկարօրէն կանգ առնենք այս անձի կենսագրութեան վրայ:
Ծնած է 1859թ.: Սկիզբը անդամ եղած է “Ֆրանսայի Մեծ Արեւելք” օթեակին (“Ալեքսանտր Եաքովլեւիչ Կլփերնի Հետ Հարցազրույցին Արձանագրութիւնը”, Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 49):
Նիքոլաեւսքիի գիրքի “Նօթեր Ինծի Համար” բաժնին մէջ կը կարդանք (էջ 108). “Ռուսական առաջին օթեակը կամ առաջին Խորհուրդը, բայց ոչ “Ռուսական Արեւելքը” Փարիզի “Արեւելք” էն ինքնուրոյն գոյութեան հաստատում ստացաւ 1908թ. կամ 1909թ. (ճիշդը՝ 1908թ. սկիզբը, — Գ.Ե.), երբ Փարիզ մեկնեցան Պեպութովը, Մերկուլիէսը եւ Ուրուսովը (ասիկա Կ. Պոլիս՝ Երիտթիւրքերուն մօտ անոնց մեկնումին շարունակութիւնն էր)” (“Նօթեր Ինծի Համար”, Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 108):
“1907-09թթ., ռուսական օթեակներու Խորհուրդը կը բաղկանար հինգ անձէ (Արեւմուտքի մէջ կը բաղկանայ 33 անձէ — ատիկա խորհրդաւոր թիւն մըն է՝ Յիսուսի մահուան տարիքը) Նախագահ՝ — — -, քարտուղար՝ Պեպութով:
Ամենասկիզբէն Խորհուրդը խնդիր դրաւ “իշխանութիւնները ողողել մասոնութեան համակիր անձերով” (“Մ. Ս. Մերկուլիէսի Հետ Հարցազրույցին Արձանագրութիւնը”, Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 100):
Հակառակ իր մասոնական “անձնուէր” գործունէութեան, իշխան Դաւիթ Պեպութով, մասոնական դաւադրութեանց մէջ վարպետ ըլլալով հանդերձ, չխուսափեցաւ խայտառակ վախճանէն իր իսկ մասոն “եղբայր”-ներուն կողմէ:
Պեպութով իր անտիպ “Յուշագրութեան” մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէ՞ս 12.000 ռուպլի տուաւ հրեայ Ազէֆին՝ Նիքոլայ ցարի սպանութեան համար, եւ թէ ինչպէ՞ս հետագային 3.000 ռուպլի կաշառեց Պուրցեւին, որպէսզի մէջտեղէն վերացնէր Ազէֆը: “Ազէֆի գործը” շատ մեծ աղմուկ հանեց իր ժամանակին:
Այս եւ ուրիշ դաւադրութիւններ մղեցին իր շրջապատի մարդիկը՝ յարմար պահին ազատուելու իրենց “վարպետ”էն. “Միւս կողմէ, կարգ մը մասոններու նկատմամբ անվստահութիւն յայտնուեցաւ, կապուած ոչ թէ անոնց անձին, այլ անոնց ծանօթներուն հետ: Խօսքը Պեպութովի հետ Մերկուլիէսի կապերուն մասին է: Պեպութովին յստակօրէն կը կասկածէին քաղաքական անբարեյուսութեան մէջ…” (“Ալեքսանտր Եաքովլեւիչ Կալփերնի Հետ Հարցազրույցին Արձանագրութիւնը”, Նիքպաեւսքիի գիրքը, էջ 50):
Իսկ այդ “քաղաքական անբարեյուսութիւնը” անհիմն չէր: Նշանաւոր վրացի մենշեւիկ-մասոն Չխէիծէ կը յայտնէ. “Գեգեկչորին ինծի ըսաւ, թէ կայ այդպիսի Պեպութով մը, եւ թէ ան ինչ-որ հարցով կÿուզէինծի ծանօթանալ: Գացի անոր մօտ: Ան իմ վրաս անորոշ տպաւորութիւն ձգեց: Կը յիշեմ, թէ մենք այդ ժամանակ Գեգեչկորիի հետ խօսեցանք, եւ այդպէս ալ չկրցանք հասկնալ, թէ Պեպութով ինչու՞ մեզի հանդիպիլ ուզած էր” (“Ն. Ս. Չխէիծէի Հետ 24-26 Օգոստոս 1925թ. Կատարուած Հարցազրույցին Արձանագրութիւնը”, Նիքոլաեւսքիի գիրքը, էջ 89):
Դաւիթ Պեպութովի գործունէութեան մութ ծալքերը կը պարզուին 1917թ. Փետրուարի Ռուսական յեղափոխութեան վաղորդայնին. “Փետրւարեան յեղափոխութեան ընթացքին, երբ յայտնագործուեցան իր (Պեպութովի, — Գ. Ե.) կապերը ոստիկանութեան բաժանմունքին հետ, ծանօթ փաստաբաններ Զարուտնիի Սոքոլովի պահանջով, ան տնային կալանքի տակ առնուեցաւ: Վ. Լ. Պուրցեւը (Պեպութովի մասոն “եղբայր”ը, — Գ.Ե.), իր կարգին, Պեպութովը համարեց գերմանական լրտես, ինչ որ վերջերս հաստատուեցաւ Անգլիոյ մէջ լոյս տեսած Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւի փաստաթուղթերով (“Germany And The Revollution In Russia 1915-1918”, edited by Z.A.B. Zaman, London, 1958) (Իշխան Արոնսոն. “Մասոնները Ռուսական Քաղաքականութեան Մէջ”, Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 156):
Պեպութովի անփառունակ վախճանին կը զուգադիպի Ալեքսանտր Խատիսեանի մասոնական “ունելի”ականառաքելութիւնը, որը անյայտ է հայ պատմագրութեան. “Այդ ժամանակ ո՞վ չէր խօսեր պալատական յեղաշրջման, ցարի տապալման մասին: Յայտնի եղաւ մեծ իշխաններու (հաւաքուողներ՝ 16 հոգի) խորհրդակցութիւնը, նպատակ ունենալով համոզել ցարը կտրականօրէն փոխելու իր քաղաքականութիւնը: Պարզուեցաւ նաւ մեծ իշխան Նիքոլայ Միխայլովիչի միջամտութիւնը այս ուղղութեամբ: Յուշագրողները կը պատմեն Թիֆլիսի քաղաքագլուխ Խատիսովի առաքելութեան մասին, որ խօսակցեցաւ մեծ իշխան Նիքոլայ Նիքոլաեւիչի հետ՝ ցարի տապալման անհրաժեշտութեան մասին” (Իշխան Արոնսոն. “Մասոնները Ռուսական Քաղաքականութեան Մէջ”, Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 161-162):
* * *
Պ. Ի. Նիքոլաեւսքիի “Ռուսական Մասոնները Եւ Յեղափոխութիւնը” (Մոսկուա, “Թէրրա” հրատարակչութիւն, 1990թ.) գիրքին մէջ հրատարակւած է կարեւոր մաս մը հայազգի իշխան Դաւիթ Պեպութովի անտիպ յուշագրութենէն, “20-րդ Դարու Ռուսական Մասոնութիւնը” վերնագրին տակ: Յուշագրութիւնը առաւելաբար կը պատմէ հեղինակին մասոնական գործունէութեան մասին:
Յուշագրութեան առաջին էջերուն մէջ, Պեպութով վորպէս մասոն կը յիշատակէ անունը հայազգի դիվանագէտ, իշխան, տոքթոր Լուվա-Սոլիքովին (Նիքոլաեւսքիի նշուած գիրքը, էջ 127): Քիչ անդին, ան կ’արտայայտուի մասոնական դաւադրութեանց յաջող ռազմավարութեան մասին, ու կը գրէ. “Ինծի միշտ թուացած է, եւ այժմ. ալ համոզուած եմ այդ բանին, որ մասոններուն պատկանող կազմակերպութիւններով, եւ անշուշտ, մասնակիցներուն մասոնական կարգապահութեան խստագոյնս ենթարկումովը կարելի է շօշափելի ինչ-որ արդիւնքներու հասնիլ: Ասոր օրինակ կրնան ծառայել Թիւրքիան եւ Փորթուկալը: Առանց զօրքերուն, որեւէ յեղափոխութիւն, որեւէ յեղաշրջում անիմաստ է, իսկ զօրքերուն մէջ, գլախաւորաբար սպայութեան մէջ քարոզելը հնարաւոր է միայն մասոնութեան միջոցով” (էջ 127) (ընգծումը իմն է, — Գ.Ե.):
Պեպութով ապա բավական մանրամասնութեամբ կը պատմէ Մոսկուայի առաջին մասոնական օթեակի՝ “Ազատագրութիւն” օթեակի հիմնադրութեան մասին (1908-ի Յունուար), ապա կը գրէ 2 Փետրուար 1908 թ. իր ու Պաժենովի (Մոսկուայի օթեակին վարպետը, — Գ.Ե.) Փարիզ՝ Ֆրանսայի մասոն վարպետներուն այցելութեան ու “Ֆրանսայի Մեծ Արեւելք”ի երկու պատուիրակներու Սանկտ Բեթերպուրկ առաքելութեան մասին: Իր մասոնական անձնուէր գործունէութեան վարձատրութիւնը չուշանար. “Ես եւ Պաժենովը (ֆրանսիացիներէն) ստացանք 18-րդ աստիճան” (էջ 133): Պեպութով ապա կը գրէ Մոսկուայի օթեակի ընդարձակման մասին, ապա կ’անդրադառնայ 18-րդ աստիճանի ռուսական մասոններու Գերագոյն Խորհրդի ընտրութեանց, որոնց շնորհիւ ինք կ՛ընտրուի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ (էջ 135): “Գերագոյն Խորհուրդը որոշեց չուշանալ արեւմտեան մասոններու հետ յարաբերութիւններ հաստատելուն մէջ: Այս նպատակով գործուղղեցան Ուրուսովը, Մերկուլիէսը եւ ես: Մերկուլիէսը եւ Ուրուսովը պէտք է երթային Զուիցերիա, Իտալիա եւ Պուտափեշթ, իսկ ես՝ Քիեւ եւ Օտեսա՝ ապա Կ. Պոլիս՝ կապ հաստատելու այնտեղի մասոններուն եւ Երիտթիւրքերուն հետ, ու սպասել Ուրուսովին եւ Մերկուլիէսին, որպէսզի միասին օտեսա երթանք՝ օթեակներ բանալու” (էջ 138):
Մասոն եռեկաը ճամբայ կ՛ելլէ 1908թ. վերջին օրերուն (էջ 138): Պեպութովի ճամբորդութիւնը կը տեւէ շուրջ մէկ շաբաթ:
Այնուհետեւ, յուշագրութեան մէջ Պեպութով կը նկարագրէ իր հանդիպումները Կ. Պոլսոյ թիւրք, հրեայ, հայանուն մասոններուն եւ Դաշնակցութեան պարագլուխներուն հետ.
“Կ. Պոլիս հասայ 3 Յունուար 1909թ. երեկոյեան: Յաջորդ օրն իսկ գացի Նորատունկեանին մօտ-ֆրանսիական մասոն եւ Երիտթրքական կուսակցութեան անդամ, հայ: Ան շատ ուրախացաւ իմանալով թէ ինչ նպատակով եկած եմ, ու անմիջապէս սկսաւ հեռաձայնել իր մեծաւորներուն: Թիւրքերու մեծամասնութիւնը կը պատկանի իտալական մասոնութեան: Մասոնական օթեակներուն մեծ մասը կը գտնուի հիմնականին մէջ Սալոնիկի մէջ: Այնտեղ, առաջ, ու մինչեւ Կ. Պոլիս փոխադրումն ու փարիզէն վերադարձը, կը գտնուէր Երիտթիւրքերու Կեդրոնական Կոմիտէն, այսպէս կոչուած “Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն” կոմիտէն: 2 օրուան մէջ Նորատունկեան զիս ծանօթացուց Կ. Պոլիս գտնուող մասոն մեծաւորներուն: Ան զիս ծանօթացուց նաեւ երեսփոխաններ Քարասոյի եւ Թալաաթ պէյի հետ: Քարասօ — երդուեալ հաւատարմատար, հրեայ, Սելանիկի երեսփոխան, հետագային ընտրուեցաւ Սուլթան Ապտուլ Համիտին յայտնելու անոր տապալումը: Թալաաթ պէյ — թիւրք, նոյնպէս Սելանիկէն ընտրուած էր խորհրդարանի նախագահի օգնական:
Երիտասարդ Էնվեր պէյը — գեղեցիկ, գնդապետ, Երիտթրքական կուսակցութեան եւ բանակին հպարտութիւնը, ամբողջ շարժման պարագլուխն էր: Խօսակցութեան ժամանակ իր համեստութիւնը ուղղակիօրէն կը կախարդէ, իսկ իր արտայայտութեանց տրամաբանականութիւնը պարտութեան կը մատնէ՝ բոլորը: Նորատունկեան նմանապէս ինծի հնարավորութիւն տուաւ բանակցելու Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ահմէտ Ռիզայի հետ ես չէի ուզած հանդիպիլ երբ Երիտթրքական կոմիտէն տակաւին Փարիզ կը գտնուէր” (էջ 139):
Ռուսական եւ թիւրք-հրէական մասոնութեան միջեւ կապերու հաստատման մէջ հայազգի կերպարները չեն սահմանափակուիր Նորատունկեանով եւ ՀՅԴ Կ. Պոլսոյ պարագլուխներով: Կայ նաեւ մէկ ուրիշը: Պեպութով կը շարունակէ յուշադրութեան մէջ.
“Երիտթիւրքերուն հետ բոլոր հավաքները տեղի ունեցան Թոքաթլեանի ճաշարանին մէջ: Անիկա միակ լաւ ճաշարանն էր: Անոր տէրը՝ Թոքաթլեանը հայ է եւ մասոն: Ճաշարանը նորոգութեան մէջ էր: Յանժամ, ան պանդոկ մը կարգադրեց, ինչպես նաեւ տարածք մը մասոնական օթեակեն համար: Մեր ժառանգութիւնները (հանդիպումները, — Գ. Ե.) տեղի ունեցան ոչ թէ ընդհանուր պահին, այլ գաղտնի սենեակին մէջ, ուր Թոքաթլեան անձնապէս մեզմէ իւրաքանչիւրը կը տանէր այցելուներէն աննկատ կերպով: Հակառակ սահմանադրութեան, Երիտթիւրքերուն հարկաւոր էր զգոյշ ըլլալ, իսկ ես եւս չէի ուզեր, որ իմ ժամադրութիւններս յայտնի ըլլային” (էջ 139): Կ. Պոլիս 10 օր կեցութեան ընթացքին, “միշտ կը հանդիպէինք Թոքաթլեանի ճաշարանի գաղտնարաններուն մէջ” (էջ 142):
Այս ընթացքին, Մերկուլիես եւ Ուրուսով Պուտափեշթէն Կ. Պոլիս կը հասնին: Կ՛որոշեն երեքով հանդիպիլ Ահմէտ Ռիզային:
“Երբ մենք երեքովս խորհրդարան ուղղուեցանք եւ Ահմետ Ռիզային ղրկեցինք մեր այցետոմսերը, վայրկեանապէս ընդունուեցանք: Աստիճաններուն վերեւը մեզ դիմաւորեց Թալաաթ պէյը, իսկ աշխատասենեակին մուտքին՝ նոյնինքն Ահմէտ Ռիզան: Այդ հանդիպումը պահակներուն վրայ այնպիսի տպաւորութիւն ձգած էր, որ երբ յաջորդ անգամ խորհրդարան գացինք՝ հարկաւոր չեղաւ այցետոմս ղրկելու (ներս): Երիտթիւրք բարապանը մեզմէ իւրաքանչիւրին ուսերը թօթուեց եւ անմիջապէս ներս թողուց: Ահմէտ Ռիզա մեզ արտակարգ ջերմութեամբ ընդունեց: Ընդունուած սովորութեան համաձայն, սուրճ հրամցուեցաւ: Սենեակին մէջ կը գտնուէին Թալաաթ պէյը եւ ինչ-որ ընդդիմադիր իշխան մը: Մենք կէս ժամ նստած էինք, երբ Ահմէտ Ռիզային երկու այցետոմս ներկայացուցին: Ահմէտ Ռիզա միայն կրցաւ ըսել. “Voila, vous seiez en compagnie des amis” (“Ահա, դուք բարեկամներու ընկերութեան մէջ պիտի գումարուիք”), մինչ ներս մտան Կուչքովն ու դեսպանատան թարգմանիչ Մանուէլշթամը: Տեսնելով այս կերպարը (Կուչքովը, — Գ.Ե.), մենք անմիջապէս դուրս ելանք բաժնուելու համար Ահմէտ Ռիզայէն, եւ առանց բարեւելու Կուչքովին, չսպասեցինք դուրս գալ:
Մեկնումի ժամանակ ես Թալաաթ պէյին մասոնական նշան տուի, թէ կ՛ուզեմ իրեն հետ խօսիլ: Երբ միջանցքին մէջ եղանք, ես իրեն բացատրեցի թէ ինչպիսի՛ “բարեկամ” եւ ինչպիսի՛ ազատական մըն է Կուչքովը:
Թալաաթ պէյ շատ շնորհակալ եղաւ, որ այս պարզաբանումը կատարեցի իրեն, եւ ըսաւ ինծի. “Կրնաք հանգիստ ըլլալ, որ Կուչքովին սուրճ պիտի չհրամցուի”” (էջ 110-111):
Թէ Թալաաթ Կուչքովին սուրճ հրամցո՞ւց կամ ոչ չենք գիտեր, բայց հայազգի-թիւրք-հրեայ մասոնական այս սիրալիր հանդիպումներէն 90 օր ետք հայութեան հրամցուեցաւ առաջին Երիտթրքական Եղեռնը՝ Ատանայի եւ շրջակայքի 30.000 հայոց կոտորածը: Աւաղ, այս ջարդէն ետք եւս հայ մասոն ղեկավարները շարունակեցին մասոնական եղբայրական սիրաբանութիւնը Թալաաթ, Էնվեր եւ ընկերք շրջանակին հետ, որու հետեւանքն եղաւ Մեծ Եղեռնը եւ նոյն սիրաբանող հայազգի մասոններու մեծ մասին կոտորածը (Զօհրապ, Տաղաւարեան, եւն.):
Գէորգ Եազըճեան
Պատմ. գիտ. թեկնածու
“Լուսանցք” թիվ 146, 2010թ.
28 Ապրիլի, 2010, ժ. 12:02 ա. |
Bayct inchu enq heranum mer nororia hay-masonnerict…
Ankahactact HH-i arcahin namkhagah — Levon Ter-Petrosyan “Grand Orient de France” օթեակին — 18 աստիճանի մասոն:
Vano Siradeghian -“Grand Orient de France” օթեակին — 5 աստիճանի մասոն, vorn hima geghavarum e Fransayi gaxtni ctarayutiunnerict mekn, sakayn urish anun-azganunov