Մեր Սուրիան

by

Ռամկավար Մամուլ
Յունիս 18, 2011

Տոքթ. Ճօրճ Բարսեղեան

Սփիւռքահայութեան քանի՞ տոկոսը երախտապարտ պէտք է ըլլայ Սուրիոյ՝ հաշուած չեմ, չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ որ այդ թիւը փոքր չէ, որովհետեւ սփիւռքահայերը որքան ալ,պարտադրաբար, ֆիզիքապէս հեռացած ըլլան հայրենիքէն, այնուամենայնիւ, անոնց մեծամասնութեան ճամբան անցած է Տէր Զօրի անապատէն. տարածք՝ որ մուսլիման ոճրագործի մը ծրագիրով անյուշ գերեզմանը պիտի ըլլար Հայ կոչուած կէավուրին, սակայն տեղաբնակ նոյնակրօն՝ մուսլիման Արաբը խանգարեց հրէշային այդ ծրագիրը…։ 

Կրկնութիւն մը ըրած ըլլալու հաշւոյն, յիշեմ որ թուրքի եաթաղանէն փրկուած Հայորդիներուն մեծ մասը, նախ հանգրուանած է Սուրիական քաղաքներ: Ոմանք մինչեւ այսօր կը շարունակեն մնալ Հալէպ, Դամասկոս, Գամիշլի, Հոմս, Լաթաքիա եւ այլ քաղաքներու մէջ, ուր կեանքի կոչուած են ազգային շէն գաղութներ. իսկ շատեր անցնելով Լիբանան, Յորդանան, Երուսաղեմ, Եգիպտոս, իսկ յետոյ Եւրոպա ու նոր ցամաքամասեր, Հայ գաղութներ հիմնած են այդ տեղերը։ Հետեւաբար, Սուրիան սփիւռքահայութեան համար փրկարար օղակ մը ըլլալով, սոսկ տեղանուն, կամ երկրի անուն մը չէ, այլ՝հարազատ տարածք, ջերմ օջախ, ապահով օթեւան ու կացարան, ուխտավայր, քիչ մըն ալ՝ հայրենիք…։ 

Այսօր Սուրիան քաղաքացիական պատերազմ սպառնացող ճգնաժամի մը առջեւ կը գտնուի, որոշ քաղաքական նկատառումներու պատճառներով, որոնք զանազան բացատրութիւններ, փաստեր եւ վերլուծութիւններ կրնան ունենալ։ Ոմանք «Արաբական երկիրներու իշխանափոխութեան ալիք»ի շարունակութիւն մը կը համարեն Սուրիոյ ներքին «տակնուվրայութիւնը», բան մը, որ սկսաւ ժողովուրդի ընկերային, տնտեսական ու վարչական համակարգի վերանորոգման ու բարելաւման պահանջով, կաշառակերութեան ու պաշտօնաւորներու դիրքի չարաշահման վերացման, եւ այլ բազմաթիւ թերութիւններու հանդէպ բողոքով։ Սուրիական փողոցային ցոյցերուն անմիջապէս անդրադարձաւ պետութեանս նախագահ Պաշշար Ասատը, կառավարութեան ամբողջական կազմը փոխելով եւ վերանորոգութիւն ու բարելաւում ապահովող գործնական եւ շուտափոյթ քայլերու ձեռնարկելով։ Սակայն ըստ երեւոյթին, խաղաղ ու նոյնիսկ կառավարութեան կողմէ արդարացի համարուած ժողովրդական այս ցոյցերը շահարկուեցան։ Զինեալ ահաբեկչական գործողութիւններով երկրիս ներքին ապահովութիւնը խանգարեցին, ու

վիճակը «տակն ու վրայ»-ի հասցուցին որոշ մութ ու խառնակիչ ոյժեր, բաղկացած Սիւննի մուսլիման ծայրայեղականներէ ու վարձկան օտարներէ, ղեկավարութեամբ քանի մը վտարանդի սուրիացիներու եւ հրեայ ու որոշ հարեւան այլ պետութիւններէ կարգ մը պաշտօնաւորներու, որոնք, արտերկրէն, մերթ «ժիհատ», մերթ «յեղափոխութիւն» անուան տակ, կը միտէին անձնական հաշիւներ լուծել Սուրիոյ նախագահին հետ, իրենց սեփական գրպանին ձեռնտու շահութաբեր գործարկներ կատարելու, ու երկրիս ներքին ապա եւ արտաքին ապահովութիւնը խախտելու յէտին նապատակներով։ Իսկ գետնի վրայ գործող ծայրայեղականներուն արդէն հաւաստիացուցած էին, որ Սուրիան Սիւննի մուսլիման նահանգներու բաժնելով, ամէն մէկ իմամ իր բաժին իմարաթը եւ համապատասխան խալիֆա-ի կոչումը պիտի ստանար։ Եւ դեռ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ համաշխարհային կարծիք ձեւաւորելու, եւ սուրիացիներուն վրայ հոգեբանական ահաբեկչութիւն կիրարկելու միտումով, իրականութիւնները ձեւափոխելով աղաւաղուած պատկերներ տարածելու համար, զինուորագրուած էին շարք մը ծանրակշիռ արաբախօս

արբանեակային հեռուստակայաններ, որոնք կը գործէին «դրամը տուողին տուտուկը կը նուագէ» սկզբունքով, եւ ալ սուտ լուրե՜ր, կեղծ տեսաերիզնե՜ր, կոյր վկանե՜ր, խուլ ականչալուրե՜ր…։

Մանրամասներ դեռ շատ կան, որոնցմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ ըլլաք: Սակայն զանոնք շրջանցելով, պարզապէս դիտել կու տամ, որ Սուրիոյ ներկայ կարգավիճակը իմա՝ կառավարութիւնն ու իշխանութիւնը, յարմարագոյնն են ոչ միայն տեղի փոքրամասնութիւններուն համար (որպիսիք Հայերն են), այլեւ ունին 21-րդ դարուն համահունչ ապրելու եւ յառաջընթաց մը ապահովելու երաշխիքը ժողովուրդի մը համար, որ մոլեռանդ, ծայրայեղութիւնը քաջալերող ու անոր մէջ ու պատճառով գոյատեւող կրօնքի մը տարածումով ողողուած է։ 

-«Ալաուիները գերեզման, քրիստոնեաները Լիբանան…» 

Որքան ալ թեթեւ ու անկշիռ ըլլան այսօր սուրիական փողոցի որոշ մութ անկիւններէն հնչող, վարձուած եւ լուացուած ուղեղներով, տաք գլուխ ցուցարարներու եւ անպատասխանատու կողմէ վանկարկուած նման բացագանչութիւնները, այնուամենայնիւ __¸_*_ìականջի անհաճոյ ըլլալէ աւելի կծու յիշողութիւններ կ’արթնցնեն ու անհանգիստ հոգեվիճակ կը ստեղծեն նոյնիսկ անտարբեր Հայուն համար, որուն մեծ հօր կեանքը մատաղ հանդիսացած էր թուրքի մը «ժեննէթ» երթալուն ի խնդիր… մուսլիման թուրք իմամի մը թելադրութեամբ…։ Թեթեւ ու անկշիռ կ’որակեմ այս բոլորը, սակայն մտահոգուելու հիմքերը շատ են, որոնց գլխաւորն է՝ իշխող Ալաուի մուսլիման փոքրամասնութեան հանդէպ, Սիւննի մուսլիման մեծամասնութեան երկար տարիներէ ի վեր թաքնուած բայց աճող ոխը, բան մը որուն հանգամանգներուն ծանօթ ենք բոլորս։ Եւ գլխապտոյտ առթող այս կացութեան մէջ, եթէ տեղւոյս սակաւաթիւ քրիստոնեաները ոտնակոխ պիտի ըլլան, ալ պատկերացուցէք անոնց չնչին մասը կազմող բարձրախօս Հայերուն վիճակը։ 

Յամենայնդէպս կառավարութեան կողմէ տարիներէ ի վեր որդեգրուած քաղաքականութեան մէջ, գուցէ որոշ թերիներ ալ ըլլան, օրինակ՝ Սիւննի — Ալաուի հակամարտութիւնը մեղմելու զլացում, Ալաուի սպաներու ոչ համեստ վարքագիծ, նաեւ քիչ առաջ յիշուած՝ ժողովուրդին պահանջքները, որոնց լուծման գործնական ու շուտափոյթ ընթացք տալ խոստացած եւ նոյնիսկ խոստումները գործադրել սկսած էր Նախագահը, ինչպէս արդէն նշեցի: Բայց այս բոլորը խանգարելու եւ ձախողեցնելու համար, ըստ երեւոյթին, շռայլօրէն վճարուած է եւ այդ իրավիճակի արդիւնքին ծանօթ ենք այսօր, բոլորս…։ Այս յօդուածին միտք բանին հայկական «լոպպի» մը ստեղծել չէ, այդ ուղղութեամբ… (Հայկական «լոպպի»ն հազիւ թէ մեր ազգային դատով զբաղելու ոյժը ունենայ, մինչ հեւ ի հեւ կը փորձէ բան մը ընել…) այլ, պարզապէս, Սուրիոյ ներկայ կառավարութիւնը խորտակել ցանկացող ոյժերուն օգտակար ըլլալէ դադրելու պահանջ մըն է…։ 

Մարդկային երեւակայութիւնը ի՛նչ ըսես չի հիւսեր… Քրիստոնեաներու տեղահանութիւն դէպի Լիբանան…։ Նման պարագայի մը ի՞նչ պիտի ըլլայ արդեօք ճակատագիրը Սուրիոյ տարածքին գտնուող բազմաթիւ մեր այդ եկեղեցիներուն, որոնք քան՜ի քան՜ի հազար հայորդիներ մկրտած են, զոյգեր պսակած ու օջախներ հիմնած են, որոնց դասին կը պատկանին՝ աշխարհով մէկ տարածուած, տողերս ընթերցողներէն շատեր: Դժուար պիտի չըլլայ զանոնք մզկիթներու վերածելը, (այդ ուղղութեամբ, վարպետ են անպեխ մօրուքաւորները), եւ անկէ ետքը Հայ սերունդներ դաստիարակած մեր դպրոցները կրնան վերածուիլ գուրան դասաւանդելու վառ օջախներու, իսկ ակումբները որբանո՞ցի, կամ շէյխ-ի մը հարե՞մին, Աստուած գիտէ…։ Եթէ բոլոր սուրիահայերը (լոկ երեւակայութեամբս) կարելի ըլլար տեղափոխել Հայաստան, գուցէ յիշեալ կալուածներուն հետագայ ճակատագիրը այնքան ալ կարեւոր չէր ըլլար (գոնէ ինծի համար), սակայն՝ «ի Լիբանան»… այսինքն ոչ թէ ներգաղթ, այլ կրկին անգամ՝ արտագաղթ…։ Երեւակայական գորշ այս

հեռանկարէն ահաբեկած, ամենայն մոլեռանդութեամբ, ներկայ կառավարութեանը կողմը կը դիրքորոշուիմ, առանց պահ մը իսկ վարանելու, կամ ես ինծի պատասխան տալու, թէ «Ճօրճ տղայ, այդ ու՞ր հասեր ես՝ որ տեղական քաղաքականութեան մը տհոլը կը զարնես,  հակառակ քու համոզումիդ որ կ’ըսէ՝ այն ինչ Հայրենիքի մէջ չէ, սփիւռքահայու մը համար ժամանակաւոր է, ուստի՝ անկարեւոր…»։ Բայց չէ՞ որ նման ծայրայեղութեան, եթէ կը դիմեմ, զայն կ’ընեմ տեղւոյս Հայ գաղութին ապահովութենէն մեկնելով …։ 

Այսօր ես կը բնակիմ Սուրիա, որուն բոլոր քաղաքացիներուն՝ Մուսլիման Սիւննի, Ալաուի,Քրիստոնեայ թէ Տիւրզի, գիտակցական մակարդակը վաղուց յաղթահարած է կրօնական ու դաւանանքային հակամարտութիւնները, որդեգրած է փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համերաշխ կենցաղ, ուր տեղափոխութեան միջոցները շատոնց դադրած են ուղտն ու աւանակը ըլլալէն, եւ ամէն մէկ քաղաքացի ներկայ դարու շունչով ու ռիթմով կ’ապրի, իր ելեկտրոնային հասցէն ունի։ Իսկ սուրիահայերը Սուրիոյ լիարժէք քաղաքացիներ ըլլալով կ’ապրին համախմբուած, յատուկ յարգանքը կը վայելեն Արաբ ժողովուրդին, հպարտ են իրենց ազգային արժանապատուութեամբ, կը վայելեն հանգիստ, բարեկեցիկ կեանք, եւ դեռ կը խօսին ու սորվին Հայերէն։ Վերջապէս ես ոչ թէ Սուրիացի Հայ եմ, այլ՝ Հայ Սուրիացի, այսինքն նախ Հայ «4000 տարուան ազգային պատկանելիութեամբ», ապա Սուրիացի «ընդամէնը 96 տարուան»։ Եւ եթէ այդ 96 տարուան նոր նաւակը պիտի պահէ դէպի ապագայ փոխանցելիք իմ 4000 տարուան կեներս, ուրեմն պարտաւոր եմ անոր ապահովութեամբ մտահոգուելու եւ ըստ այդ գործելու, ու եթէ պետք է՝ ինչու ոչ, նաեւ գոչելու՝ «Կեցցէ՛ Սուրիան ու անոր նախագահը»։ 

Դամասկոս, Սուրիա

Թողնել պատասխան

Fill in your details below or click an icon to log in:

WordPress.com Logo

You are commenting using your WordPress.com account. Log Out /  Փոխել )

Twitter picture

You are commenting using your Twitter account. Log Out /  Փոխել )

Facebook photo

You are commenting using your Facebook account. Log Out /  Փոխել )

Connecting to %s


%d bloggers like this: